2013-08-09 11:33:17

Կարտինալ Պէրթոնէի Ստորագրութեամբ` ֆրանչիսկոս Պապի Պատգամը Գոլոմպոյի Ասպետներուն 131-րդ Տարեկան Հաւաքին Առթիւ։


6-8 օգոստոս ԱՄՆի Թեքսաս նահանգի Սան Անթոնիօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Գոլոմպոյի ասպետներուն 131-րդ տարեկան հաւաքը որուն բնաբանն էը ''Ըլլալ պահակները Աստուծոյ պարգեւներուն''։

Գոլոմպիոյի ասպետներուն ընկերակցութեան անդամներու թիւը տարուէտարի աճի կ՛արձանագրէ եւ զուգահեր` ''կը սատարէ բազմաթիւ անհատներու ու հասարակութիւններու կեանքի բարեփոխումին, աշխարհի զանազան վայրերու մէջ''։
Գոլոմոյի ասպետներուն հաւաքի բացման արարողութեան առթիւ, անցեալ 6 օգոստոսին, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ուզած է իր քաջալերական պատգամը ուղղել այս բարեսիրական ընկերակցութեան. մեծապէս գնահատելով ''Գոլոմպոյի ասպետներու Կարգի հաւատքի ու եղբայրակցութեան իտեալները'' ու անոնց ''յանձնառումը Եկեղեցւոյ առաքելութեան ի սպաս, անոնց եղբայրօգնութեան մեծ աշխատանքը եւ աւետարանական վկայութիւնը բազմաթիւ ժողովրդապետութիւններէն ներս''։

Պատգամին մէջ Սրբազան հայրը իր խնդակցութիւնը կը յայտնէ Կարգին բերած սատարին կրօնական ազատութեան ծիրէն ներս։ Այս ուղղութեամբ ֆրանչիսկոս Պապը կը գնահատէ ''Կարգին տուած հրապարակային վկայութիւնը պաշտպանելով հաւատացեալներուն իրաւունքն ու պարտականութիւնը ընկերութիւններէն ներս''։
Յայտնենք որ Կարգին գերագոյն ասպետ` Գարլ Անտրսոն Մեքսիքոյի մէջ 2009-ին տեղի ունեցած գիտաժողովին ընթացքին յայտարարած էր որ ''կրօնական ազատութիւնը հիմնական իրաւունք մըն է, եւ սիրտը բոլոր մարդկային իրաւունքներուն ու առողջ հանրավարութեան''հիմնաքարը ։

Սան Անթոնիոյի մէջ կայացած հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան 2.000 պատուիրակներ։ Ներկայիս վերոյշեալ Կարգին անդամները կը հաշուեն 1.843.587 անդամներ։ Վերջին շրջանին Գոլոմպոյի ասպետները նոր կեդրոններ բացին Լիտուանիայի, Լեհաստանի եւ Ուկրանիոյ մէջ։ 2012-ի հաշուեկշիռէն ի յայտ կու գայ որ Կարգը մարդասիրական օգնութիւններուն համար ծախսած է 177 միլիոն տոլար ու կամաւորները տրամադրած են 70 միլիոն ժամ։

Կարգին գերագոյն ասպետը Անտէրսոն յայտարած է որ համայն աշխարհը հրապուրուած է ֆրանչիսկոս Քահանայապետէն շնորհիւ անոր կեանքի պարզութեան ու յանձանառումին վասն կարօտեալին ու փախստականին։ Անտկրսոն անդամներէն խնդրած է ապա որ յանձանռումով գործեն Սրբազան Քահանայպետի կողքին։
Պոսթոնի առաջնորդ`կարտինալ Սին Բադրիք Օ'Մալէյի իր կատարած միջամութեան ընթացքին ժողովականներէն խնդրեց որ պատասխանատու ոգիով գործեն նոր աւետարանութեան ի խնդիր։








All the contents on this site are copyrighted ©.